2016-12-03 10:05:00

Դեկտեմբեր 3-ը` Աստուածամուխ Ս. Գեղարդի ուխտի օր


2015 թուականին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական սրբատառ կոնդակով Հայոց Եկեղեցւոյ հիմնադիրներ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարդուղիմէոս առաքեալներու տօնը հռչակուած է Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդի ուխտի օր` ի գոհացումն բարեպաշտ հայորդեաց եւ օտարազգի ուխտաւորներու:

Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն կը յայտնեն, այս տարի առաքեալներու տօնին` Դեկտեմբեր 3-ին, Ս. Գեղարդը պիտի բերուի Մայր Տաճար: Ս. Գեղարդը Մայր Տաճարի մէջ պիտի մնայ մինչեւ նոյն օրուայ ուշ երեկոյ:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի կը պահուի համաքրիստոնէական սրբութիւններէն մէկը` Աստուածամուխ Ս. Գեղարդը, որով նաեւ կ՛օրհնուի Հայոց Եկեղեցւոյ Սրբալոյս Միւռոնը:
Սուրբ Գեղարդը այն նիզակին ծայրն է, որով հռոմէացի զօրականը` Ղունկիանոս հարիւրապետը, խոցեց մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը` խաչին վրայ: Ս. Աւետարանը կը վկայէ. «Երբ եկան Յիսուսի մօտ եւ տեսան, որ ան արդէն մեռած էր, անոր սրունքները չկոտրեցին, այլ զինուորներէն մէկը տէգով խոցեց անոր կողերը, եւ իսկոյն արիւն եւ ջուր ելաւ» (Հռոմ. 19:33-34):

Հայոց Եկեղեցւոյ սրբազան աւանդութեան համաձայն, Տէրունի այս սրբութիւնը առաջին դարուն Հայոց աշխարհ բերած է Քրիստոսի 12 աշակերտներէն Ս. Թադէոս առաքեալը: Համաքրիստոնէական այդ սրբութիւնը դարեր շարունակ պահուած է պատմական Հայաստանի տարբեր վանքերու մէջ, իսկ ԺԳ դարէն` Այրիվանքի մէջ, որ յետագային ի պատիւ Ս. Գեղարդի կոչուած է Գեղարդաւանք: ԺԸ դարու երկրորդ կէսին Ս. Գեղարդը բերուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ մինչեւ այսօր կը պահուի ամբողջ հայութեան հոգեւոր կեդրոնին մէջ:

Համաձայն պատմական տեղեկութիւններու, Աստուածամուխ Ս. Գեղարդը իր հրաշագործ զօրութեամբ փարատած է հոգեկան ու մարմնական հիւանդութիւններ: Եւ այդ նպատակով` ԺԸ-ժԹ դարերու ընթացքին Ս. Գեղարդը քանի մը անգամ տարուած է Հայաստանի որոշ գաւառներ, նաեւ` Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիս:








All the contents on this site are copyrighted ©.